|
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԵՒ ՄՈՒՐԱՏԻՆՍիրելի Պարոյր1 եւ Մուրատ. Ես որոշուեցայ որ պիտի գայի արտասահման ու ներկայանայի [Ընդ]հանուր ժողովին, սակայն բաղդը չօգնեց որ գայի եւ ներկայանայի այն ազնիւ ժողովին, եւ տեսնուէի ձեր սիրելութեան ու շատ մը ընկերն[եր]ի, այն պատճառաւ որ ձիւնի բուքի արգելքներ չթողին որ գայի եւ հասնէի։ Ինչպէս օր մը օրերէն քիւրտ վալատի մը հետ մեկնուեցայ որ գայի. հասանք մինչեւ Կուլէի Պորազան2. հոն սկսեց սաստիկ ձիւն, եւ բուքի բռնուելով ետ վերադարձանք։ Բայց խեղդուելէն հազիւ հազ ազատուեցանք։ Մենք 7 ձիաւորով, ճարահատ մնալով վերադարձանք կրկին Դուրանում3, շատ մը ...երով(?)։ Ընկերներ, ժողովին համար՝ երբ որ ես բաղդ չունեցայ գալ եւ ներկայանալ այն ազնիւ ժողովին, բայց ձայնս տուի ձեզի որ ներկայանաք ժողովին եւ մեր կողմանէն խօսիք եւ ծանուցումներ տաք Երկրի մասին, ինչպէս ալ որ գրած եմ Արեւելեան Բիւրոյին, որ դուք պէտք է ներկայանաք ժողովին եւ խօսիք մեր ու Երկրի մասին, թէ Երկիր ինչ է պահանջում, բայց չուրանաք(?) զձեր Աստուած եւ գէթ Երկիրը ինչպէս ուրացել էք մինչեւ ցարդ. թէ ինչպէս Բարձրաւանդակ4 ու Տարօն, որ ամենէն աշխատող ու գործ տեսնող եւ շատ մը զոհեր տուող շրջանն է, նրա տրամադրութեան ներքոյ ոչ մի դրամ չկայ, իսկ Շամի տրամադրութեան ներքոյ կայ 80000 ոսկի, նաեւ կայ 100000ից աւելի ծայրեր. իսկ մերը՝ ոչինչ. ո՞ւմ երեսէն, ձեզի պէս ընկերների երեսէն որ թողեցիք զմեզ եւ զԵրկիր Աստծու կրակի մէջ ու գնացիք5, ոչ դրամ ոչ էլ ռազմամթերք ղրկեցիք, զմեզ եւ զձեր ժողովուրդը թողեցիք ձեզ անիծող։ Ինչ որ է, այն անցաւ, բայց այսուհետեւ կ'աշխատէք որ դուք ալ եւ մենք մարդ լինենք, Երկրով միասին։ Եղբայրք Ճան, խնդրեմ լաւ աշխատէք որ օգուտ մը հասցնէք այստեղի ժողովրդեան եւ գործին, որ ազատուէք նրանց մեղքէն։ Համբոյրներով՝ ՍԱՐՀԱՏ 1 Անդրանիկի կուսակցական ծածկանունը 2 Կրնայ ըլլալ նաեւ Կալեէ Պարազան կամ Կալէ Պարազին։ 3 Տարօնի շրջանը։ 4 Սասուն 5 Կ'ակնարկէ Անդրանիկի, Մուրատի եւ միւս հայդուկապետներու արտասահման մեկնումին, Սասնոյ ապստամբութենէն ետք։ ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻՆ25 Նոյեմբեր 1906
ԲԻՒՐԱԿՆ Արեւելեան Բիւրոյին. Նոյեմբեր ամսոյ 4-ին ընկեր մըն ալ հետս՝ եկայ Բիւրակն եւ պիտի գայի արտասահման, հասնէի [Ընդ]հանուր ժողովին, բայց ձիւնի բուքի պատճառաւ արգիլուեցայ 15 օր Բիւրակն, եւ օր մըն ալ քուրդ վալատի հետը միասին մեկնուեցանք որ պիտի գայինք. եւ հասանք մինչեւ Կուլէի Պարազան(?). այստեղ սկսեց ձիւն գալ, սաստիկ քամի եւ բուք, ճար չգտնելով ետ վերադարձանք. բայց խեղդուելէն հազիւ հազ ազատուանք. անկէ զկնի աշխատեցայ Բարձրաբերդի1 գծով գալ ծպտեալ, սակայն ոչ ոք յանձն չառաւ զիս տանելու. եւ ինչպէս ալ Բիւրակնի2 ընկերներ գրած են, ճարահատ մնալով ետ վերադարձայ դէպի Դուրանում, շատ ցաւալով, որ բաղդ չունեցայ գալ եւ ներկայանալ ձեր ազնիւ ժողովին։ Սակայն խնդրում եմ որ զմեզ այստեղ մտահան չանէք. արդէն գրած ենք զբոլոր Երկրի անց ու դարձը եւ Երկիր ինչ պահանջելը. նաեւ շատ մը գաւառների տեղեկագրները որ ստանում էք. կարդալով պիտի հասկանաք զմանրամասնութիւնը։ Գալով ժողովի առթիւ երբ ես չկարողացայ գալ, ես այստեղէն տալիս եմ ձայնս Պարոյրին եւ Մուրատին, որ նրանք լաւ ծանօթ են Երկրի դիրք եւ դրութեան, եւ արդէն մենք պարզած ենք զամէն մի հարցը Երկրի գործունէութեան մասին։ Իմ վկայական էլ ղրկեցի. եւ իմ որոշուած անձերը որ որոշած եմ եւ ձայնս նրանց տուած եմ. լի յուսով եմ՝ պիտի ընդունէք, եւ զմեզ ալ պիտի ճանչնաք իբրեւ ընկեր, եւ ապստամբավայր՝ տեղը։ Համբոյրներով՝ ՍԱՐՀԱՏ 1 Կարնոյ։ 2 Նամակի ձեռագրով, այս տեղանունը, կարելի է կարդալ Բերակ, Բիրոկ եւն։ Պէտք է ըլլայ Բիւրակն (Պինկէօլ), ինչպէս կը հետեւցուի ի մասնաւորի Տատրակի (Մշոյ Գեղամի) նամակէն։ |