|
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՎԱՅՐԵՐԸ, ԱԹՈՌԱԿԻՑՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱԿԱԹՈՌՆԵՐԸ 301-ին
Հայաստանի
մէջ
Քրիստոնէութեան
պետական կրօնք
հռչակումէն
վերջ,
Հայաստանի
մայրաքաղաք
Վաղարշապատը
կ՚ըլլայ նաեւ
կաթողիկոսական
աթոռանիստ
քաղաք։ 303 թուին
Ս. Էջմիածնի
Մայր Տաճարի
շինութիւնը (մասամբ
փայտակերտ)
կ՚աւարտի՝
Սանդարամերտի
մեհեանին
տեղը։ 1945 թուին
Վաղարշապատ
կը
վերանուանուի
Էջմիածին։ Պարսիկներ,
Սահակ Ա.
Պարթեւ
կաթողիկոսի (387-436)
աքսորութեան
շրջանին (428-432),
Պարսկահայաստանի
վրայ
կաթողիկոս կը
նշանակեն
Սուրմակ
Մանազկերտացի
(428),
ասորի
Բրքիշոյ (429-432) ու
Շմուէլ
(Շամուէլ) (432-437) եւ
դարձեալ
Սուրմակ (437-443)
եպիսկոպոսները։
Սահակ
Հայաստան կը
վերադառնայ 432
թուին
եւ կը
հաստատուի
Բագրեւանդ։
Հայոց կղերական
դասը կը մերժէ
ընդունիլ
վերոյիշեալ երեքին
հեղինակութիւնը,
որով անոնք կը
մնան որպէս
հակաթոռ։
Սուրմակի
մահով (443) եւ
Յովսէփ Ա.
Հողոցմեցիի (437-452)
կաթողիկոսացման
պաշտօնական
հաստատումով
(444) վերջ
կը գտնէ
հակաթոռը։ Մարզպանական
շրջանին (428-639), Վահան
Մամիկոնեանի
մարզպանութեան
օրով (485-506),
Յովհաննէս Ա.
Մանդակունի
կաթողիկոս (478-490),
485 թուին
աթոռը կը
փոխադրէ
Դուին, որ 428 թուականէն
ի վեր
մարզպանութեան
կեդրոնն էր։ Մովսէս
Բ. Եղիվարդեցի
կաթողիկոսի
օրով (574-604),
Բիւզանդիոնի
հայազգի
Մօրիկ կայսրը
(582-602),
Յունահայաստանի
մէջ, 590 թուին,
կաթողիկոս կը
նշանակէ
Յովհաննէս
Բագարանցի
եպիսկոպոսը,
որուն աթոռը
կ՚ըլլայ Ազատ
գետի եզերքը,
Աւան քաղաքի
մէջ, ճիշդ
Դուինի
դիմացը։ 607 թուին,
Սմբատ
Բագրատունի
մազպանի (591-617)
ջանքերով,
Դուինի մէջ,
երկու
կողմերու
եպիսկոպոսներու
ներկայութեան
կը գումարուի
ժողով,
Յովհաննէս
Բագարանցի կը
յայտարարուի
հակաթոռ եւ
կաթողիկոս
կ՚ընտրուի
Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի
(607-615)։ Յովհաննէս
Բագարանցին 610
թուին
պարսիկներէն
կը
գերեվարուի
եւ 611-ին ալ կը
վախճանի։ Այս աթոռն
ալ այսպէսով
վերջ կը գտնէ։ Դաւիթ
Ա. Արամոնեցի
կաթողիկոս
(728-741)
փոխանակ
Դուին
բնակելու, կը
նախընտրէ իր
աթոռը
փոխադրել
կաթողիկոսութեան
մօտակայ կալուածներէն,
իր
հայրենական
գիւղը՝
Արամոնք եւ
հոն ալ կը
վախճանի։ Դուին
893 թուին
երկրաշարժով
քարուքանդ
կ՚ըլլայ։ Օրուայ
կաթողիկոս
Գէորգ Բ.
Գառնեցի (877-897)
կը
հաստատուի
Վաղարշապատի
մօտ
Զուարդնոց եկեղեցին,
սակայն
մինչեւ 927 թուական
Դուին մը մնայ
որպէս
պաշտօնական
աթոռավայր։ Յովհաննէս
Ե.
Դրասխանակերտացի
կաթողիկոս
(898-929), որ
Պատմաբան ալ
կը կոչուի, 927 թուին,
աթոռը կը
փոխադրէ
Աղթամար
կղզին, ուր էր
նաեւ
Վասպուրականի
Արծրունեաց
Թագաւորութեան
(908-1021)
արքունինքը։ Անանիա
Մոկացի
կաթողիկոսի
օրով (946-968) կաթողիկոսարանը,
947 թուին,
կը փոխադրուի
Բագրատունի
Թագաւորութեան
(885-1045) մայրաքաղաք
Անիի մօտ,
Շիրակ գաւառի
մէջ,
Ախուրեանի
եզերքը,
Արգինա գիւղաքաղաքը։
Արգինայի
առժամեայ
կաթողիկոսարանը
եւ Անիի Մայր
Տաճարը շինած
է Տրդատ
ճարտարապետ,
որ նորոգած է
նաեւ Կ.
Պոլսոյ
յունաց Ս. Սոֆիա
եկեղեցիին
989 թուի
երկրաշարժէն
ճաթած
գմբէթը։ Սարգիս
Ա. Սեւանցի
կաթողիկոս
(992-1019), Անիի
մէջ
ընտրուելէ եւ
օծուելէ վերջ,
992 թուին
աթոռը կը
փոխադրէ Անի։ Պետրոս
Ա. Գետադարձ
կաթողիկոս
(1019-1058),
1037 թուին,
թագաւորական
հրամանով
պաշտօնազուրկ
կ՚ըլլայ եւ
կաթողիկոս
կ՚օծուի
Դէոսկորոս Սանահնեցի,
որ տարի մը
երկու ամիս
վերջ նոյնպէս
կը
պաշտօնազրկուի,
կը նկատուի
հակաթոռ եւ Պետրոս
Ա. Գետադարձ
եպիսկոպոսական
ժողովի
որոշումով, 1039
թուին,
դարձեալ գահ
կը բարձրանայ
եւ 1047 թուին
աթոռակից
կաթողիկոս
կ՚օծէ իր
կրտսեր քեռորդին՝
Խաչիկը (Խաչիկ
Բ. Անեցի)։
Պետրոս 1047-ին կը
տարուի Կ.
Պոլիս եւ 1051-ին
ազատ
կ՚արձակուի,
պայմանաւ որ
Անի չվերադառնայ
ու Սեբաստիա
հաստատուի։ Խաչիկ
Բ. Անեցի
կաթողիկոս (1058-1065) 1059 թուին
կը տարուի Կ.
Պոլիս եւ
ազատագրումէ
վերջ, 1062 թուին,
աթոռը կը
փոխադրէ
Թաւբլուր,
Սեբաստիոյ
Տարանտիա
(Տարընտա-Տարենտէ)
գաւառը։ Գրիգոր
Բ. Վկայասէր
կաթողիկոս (1066-1105) աթոռը
կը փոխադրէ
Մուտառասուն,
Ծամնդաւի թագաւորութեան
մէջ, Կեսարիոյ
արեւելքը՝ իր
օծուած
թուկանէն
սկսեալ։
Վկայասէր,1067
թուին,
աթոռակից
կ՚օծէ Գէորգ
Լոռեցին՝ իր
ուղեւորութիւննրու
շրջանին
աթոռի
գործերը վարելու
նպատակաւ։ 1072
թուին,
վերադառնալով
իր աթոռը, կը
պաշտօնազրկէ
Գէորգին, որ
Տարսոնի
իշխանի
հովանաւորութեամբ
կաթողիկոսութիւն
կ՚ընէ Տարսոն
(Թարսուս),
Մսիս
(Մամեստիա),
Ատանա,
Պապեռոն եւ
Լամբրոնի
շրջան։ Կը
նկատուի
հակաթոռ։ Վկայասէր,
Անիի մէջ, 1072 թուին,
իր քեռորդին՝
Բարսեղ
Պահլաւունին
կը ձեռնադրէ
Անիի
եպիսկոպոս,
կաթողիկոսական
փոխանորդի
իշխանութեամբ՝
Հայաստանի
գաւառներուն
վրայ։ Բարսեղ,
1081 թուին,
ձեռամբ
Աղուանից
Ստեփանոս Ա.
կաթողիկոսի (1077-1103), գուցէ
Վկայասէրի ալ
հաւանութեամբ,
կ՚օծուի կաթողիկոս
եւ կը նկատուի
աթոռակից։ Երբ
Բիւզանդացիները
Մանազկերտի
առջեւ Սելջուկ
թուրքերէն կը
պարտուին եւ
Ռոմանոս Դ. Տիոժէն
կայսրը (1068-1071)
գահազուրկ
կ՚ըլլայ,
Փիլարտոս
Վարաժնունին, բիւզանդական
բանակի մէջ
բարձրաստիճան
հայազգի
հրամանատար
մը, կը հիմնէ
բաւական
ընդարձակ
հայկական
իշխանութիւն
մը՝ Գերմանիկ
(Մարաշ)
քաղաքը որպէս
կեդրոն։ Փիլարտոս (1071-1086), որ
ինքզինք այդ
շրջանի
հզօրագոյն
իշխանը կը
նկատէ,
Վկայասէրէն
կը պահանջէ
աթոռը փոխադրել
իր երկիրը։
Վկայասէր կը
մերժէ, սակայն
հաւանութիւն
կուտայ
Պետրոս
Գետադարձի
քրոջ որդւոյն՝
Սեբաստիա
բնակող
Սարգիսի
կաթողիկոսացման։
1076 թուին,
Գերմանիկի
մօտ, Ջահան
գաւառի Հոնի
քաղաքի մէջ,
Սարգիս
կ՚ընտրուի
կաթողիկոս։
Կը նկատուի
աթոռակից։ Կը
վախճանի 1077 թուին
ու իրեն կը
յաջորդէ
Թէոդորոս
Ալախօսիկ
եպիսկոպոսը։
Ինքն ալ կը
նկատուի
Վկայասէրի
աթոռակից։
Երբ Հոնիին կը
գրաւուի եւ
Թէոդորոս
Փիլարտոսէ
եկած
Գերմանիկ
(Մարաշ)
փոխադրուելու
հրաւէրը կը
մերժէ, Փիլարտոսի
հրամանով, 1085
թուին,
Պօղոս
Վարագացի
կաթողիկոս
կ՚օծուի։ Իսկ
Բարսեղ
աթոռակից, 1090 թուին,
կ՚երթայ Հոնի,
գահազուրկ
կ՚ընէ
Թէոդորոս
Ալախօսիկը, որ
կը վախճանի 1095
թուին
եւ Պօղոս ալ
իր ազատ
կամքով կը
հրաժարի, իսկ
Գէորգ
Լոռեցիի
մասին արդէն
չի խօսուիր։ Բարսեղ,
1093 թուին,
կը
վերադառնայ
Անի։ Վկայասէր,
1101 թուին,
իր աթոռը կը
փոխադրէ
Ամանոսի վրայ
Սեւ Լերան
Արեգին վանքը,
Գող Վասիլ հայ
իշխանի (?-1112)
հողատարածքին
մէջ։ Բարսեղ
Ա. Անեցի (1105-1113),
Վկայասէրի
մահով (1105),
կաթողիկոս կը
հռչակուի եւ
աթոռը կը
փոխադրէ
Եփրատ գետի
եզերքը,
Քեսուն
(Պէհեսնի-Պէսնի)
քաղաքի
Կարմիր վանքը
(1105)։ Աղթամարի
եպիսկոպոս
Դաւիթ
Թոռնիկեան,
քսան տարու
Գրիգոր Գ.
Պահլաւունի
կաթողիկոսի (1113-1166)
տարիքի
փոքրութիւնը
պատրուակելով, անոր
գահակալութենէն
քիչ վերջ,
ինքզինք կաթողիկոս
կը հռչակէ։
Սակայն
Աղթամարի
ապստամբութիւնը
ուրիշ աւելի
զօրաւոր
պատճառ մը ունի։
Հայաստանի եւ
Կիլիկիոյ
միջեւ
հայրապետական
ընտրութեան
մէջ գլխաւոր
ազդեցութիւն եւ
տիրապետող
ձայն ունենալու
մրցակցութիւնը
կայ։ Կիլիկիա
թագաւորութիւն
ունի,
Հայաստան՝
աւանդական իրաւունքներ։
Չորս մեծ
աթոռներու
(Բջնի, Հաղբատ,
Տաթեւ եւ
Արտազ)
հաւանութիւնը
անհրաժեշտ կը
նկատուի
կաթողիկոսական
ընտրութեան
վաւերականութեան
համար։ Երբ
Քեսունը կը
գրաւուի
Ուրհայի (Եդեսիա-Ուֆա)
կոմսին կողմէ,
Գրիգոր Գ.
Պահլաւունի, 1116
թուին,
իր աթոռը կը
փոխադրէ
Եփրատի
արեւուտքը՝
Տլուք գաւառի
Ծովք դղեակը
եւ 1120 թուին
եկեղեցւոյ
սրբութիւններն
ու սպասները,
ապահովութեան
համար, կը
տեղափոխէ
Հռոմկլայի
բերդը։ 1149 թուին
կը գնէ այդ
բերդը եւ
աթոռը հոն կը
հաստատէ։ 1166
թուին,
իր եղբայրը՝
Ներսէս
Շնորհալին
(Ներսէս Դ.
Կլայեցի 1166-1173) կ՚օծէ
որպէս
աթոռակից
կաթողիկոս։ Գրիգոր
Զ. Ապիրատ (1194-1203)
կաթողիկոս
կ՚ընտրուի
առանց
Հայաստանի
եպիսկոպոսներու
հաւանութեան։
Այս պատճառով
Հայաստանի
եպիսկոպոսները
Անիի
եպիսկոպոս Բարսեղը
1195 թուին կաթողիկոս
կը հռչակեն,
որ կը
ճանչցուի
որպէս Բարսեղ
Բ. Անեցի։
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութիւնը
հակառակութիւն
ցոյց չի տար,
որով Բարսեղ
կը նկատուի
աթոռակից։
Ապիրատ, Լեւոն
Բ. (1195-1219) թագաւորէն
հարկադրուած,
աւելի Սիս կը
մնայ քան թէ
Հռոմկլա եւ կը
մահանայ Սիսի
մէջ։ Յովհաննէս
Զ. Սսեցի
կաթողիկոսի
օրով (1203-1221),
Սեբաստիոյ
առջնորդ
Անանիա
Սեբաստացի,
ինքզինք
Սելջուքներու
իշխանութեան
ենթակայ հայերու
կաթողիկոս կը
հռչակէ եւ
աթոռավայր կ՚ընտրէ
Սեբաստիոյ Ս.
Նշան վանքը։
Քաղաքական պատճառներով
Անանիայի
կաթողիկոսութեան
դէմ ալ
հակառակութիւն
ցոյց չի
տրուիր։
Այսպէսով ան
ալ կը նկատուի
աթոռակից։ Լեւոն
Բ. թագաւորի
եւ Յովհաննէս
Զ. Սսեցի կաթողիկոսի
միջեւ ծայր
տուած
հակառակութեան
որպէս
հետեւանք,
առանց
Յովհաննէսի
հրաժարման, 1207
թուին,
Լեւոնի
հրամանով,
Մսիսի
արքեպիսկոպոս
Դաւիթ
Արքակաղնեցի
կաթողիկոս
կ՚ընտրուի։ 1211
թուին
Դաւիթ կը
մահանայ։
Անկէ առաջ ալ
մահացած էին
Բարսեղ եւ
Անանիա։
Այսպէսով
վերջ կը գտնեն
այս աւելորդ
աթոռները։ Յովհաննէս
Սսեցի, 1212 թուին,
Լեւոն
թագաւորի հետ
հաշտուելէ
վերջ, ի բաց
առեալ,
Աղթամարի
աթոռէն, բոլոր
հայութեան
կողմէ
կ՚ընդունուի
որպէս հայոց
հայրապետ։ 1292 թուի
Յուլիսին,
Եգիպտոսի
Աշրաֆ
սուլթանը կը գրաւէ
Հռոմկլայի
հայրապատական
բերդը, կը կողոպտէ
եկեղեցական
սպասներն ու
ստացուածքները
եւ գերի կը
տանի
Ստեփաննոս Դ.
Հռոմկլայեցի
կաթողիկոսը (1290-1293), որ կը
վախճանի
Գահիրէ բանտի
մէջ։ Մինդեւ
այդ թուականը
թէեւ
կաթողիկոսներ
մայրաքաղաք՝
Սիսի մէջ ալ
կը բնակէին,
սակայն Հռմկլան
կը նկատուէր
կաթողիկոսական
աթոռի վայր։ Գրիգոր
Է. Անաւարզեցի
(1293-1307)
կաթողիկոսի
օծումով, որ
արդէն
Ստափանոս Դ. Հռոմկլայեցիի
օրով Սիսի մէջ
կաթողիկոսական
գործերը կը
վարէր, Սիս
կ՚ըլլայ նաեւ
կաթողիկոսական
աթոռանիստ
քաղաք եւ Ս.
Սոփիա ալ՝
հայրապետական
տաճար։ Հայոց
կաթողիկոսական
աթոռը,
ազգային
իշխանութեան
կեդրոնին հետ
միասին, միշտ
տեղ փոխած է.
Վաղարշապատ
(Էջմիածին),
Դուին,
Աղթամար, Արգինա,
Անի,
Սեբաստիա,
Ամասիա,
Քեսուն, Ծովք,
Հռոմկլա եւ
Սիս։ Կիլիկիոյ
Թագաւորութիւնը
վերջ կը գտնէ,
ըստ ոմանց 1375
թուին՝
երբ Լեւոն Զ.
Լուսինեան (1374-1375)
թագաւոր
Մամլուկներու
կողմէ գերի կը
տարուի։ Ըստ
ուրիշներու՝ 1424
թուին՝
երբ 1376 թուին
ինքզինք
թագաւոր
հռչակած
շրջանի մեծագոյ
հայ
իշխաններէն
Կոստանդին (1376-1424),
շրջանը 48 տարի
կառավարելէ
վերջ,
Եգիպտոսի
սուլթանէն պարտութեան
կը մատնուի։ Քաղաքական
աթոռի մը
չգոյութիւնը,
թագաւորական
շրջանին
քաղաքական
նկատառումներով
կաթողիկոսութեան
հռոմէադաւան
դիրքաւորումը,
կաթողիկոսական
ընտրութիւններուն
Հայաստանցի
եպիսկոպոսներուն
չհրաւիրուիլը,
վերջին վեց
կաթողիկոսներուն
(1382-1439)
իրենց
յաջորդներուն
մեղսակցութեամբ
եղերական
մահը պատճառ
կ՚ըլլան որ
Հայաստանի
թեմակալ
եպիսկոպոսները
պահանջեն որ
կաթողիկոսական
աթոռը
Էջմիածնայ
վանքը
վերադառնայ։ Աթոռի
փոխադրութեան
հարցը կը
գլխաւորեն Վասպուրականի
եպիսկոպոս
Թովմաս
Մեծոփեցին եւ
Սիւնիքի
եպիսկոպոս
Յովհաննէս
Հերմոնեցին։
Գրիգոր Թ.
Մուսաբէգեանց
կաթողիկոս (1439-1441) կը
հրաւիրուի իր
աթոռը
Էջմիածին
փոխադրել։ Ան
կը մերժէ։
Յովհաննէս
եպիսկոպոս
Երեւանի ամիրայ
Եաղուպ պէյէն
արտօնութիւն
կը ստանայ որ
Վաղարշապատի
մէջ ազգային-եկեղեցական
ժողով մը
գումարուի։
Ժողովը կը կայանայ
1441 թուի
Մայիսին,
աւելի քան
երեք հարիւր
աշխարհականներու
եւ
հոգեւորականներու
(ըստ ոմանց եօթը
հարիւր), նոյն
իսկ Սիսի
եպիսկոպոսներուն
ալ
մասնակցութեամբ։
Ժողովը
Մուսաբէգեանցը
կաթողիկոսութենէ
դադրած կը
հռչակէ։ Անցեալին
ալ
կաթողիկոսներ
ժողովի
որոշումով
գահընկէց
եղած են։
Վահան Ա.
Սիւնի (968-969) Անիի
մէջ 969 թուին
գումարուած
ժողովին
վճիռով
գահընկէց
յայտարարուած
է։ Կոստանդին
Բ. Կատուկեցի (1286-1289) Սիս
մայրաքաղաքի
մէջ
գումարուած
ժողովին գահընկէց
եղած է։ Կիրակոս
Ա. Վիրապեցի (1441-1443)
կ՚ընտրուի
կաթողիկոս։ Այսպէսով,
957 տարի վերջ, 1441
թուին
աթոռը կը
վերադառնայ Ս.
Էջմիածնի
վանքը։ Գրիգոր
Լուսաւորչի
աջն ալ
ընտրութիւններէ
առաջ կը
բերուի Ս.
Էջմիածին։ 1443 թուին,
Կիրակոս,
ճշմարտութենէ
զուկ բողոքներու
արդիւնք, կը
հրաժարի եւ
ժողովը
կաթողիկոս
կ՚ընտրէ
Գրիգոր Ժ.
Ջալալբէգեանցը
(1443-1465)։
Գրիգորի
թոյլատուութեամբ,
Կիրակոս, այժմ
Էջմիածնի
շուրջ
գտնուող
վանքերէն
միուն մէջ ճգնաւոր,
մինչեւ իր
մահը (1448) կը
յիշատակուի
որպէս
կաթողիկոս։ 1441 Մայիսի
ընտրութիւններուն
թեկնածուներէն
Աղթամարի
կաթողիկոս
Զաքարիա Գ. (1434-1464),
Կիրակոսի
հրաժարումով
Էջմիածնի հետ
իր կապերը կը
խզէ, զինք
Կիրակոսի
աթոռակից կը
նկատէ ու անոր
մահով (1448)
ինքզինք
Էջմիածնի
կաթողիկոս կը
հռչակէ։ 1460-ին,
Գրիգորը
հալածելով,
մօտ տարի մը
Էջմիածնի աթոռը
գրաւելէ վերջ
Աղթամար կը
վերադառնայ (1461),
Լուսաւորչի
աջն ալ հետը
տանելով։
Սարգիս եպիսկոպոս,
գուցէ
Լուսարարապետ,
Զաքարիային կ՚օգնէ
որպէսզի ան
Աջին
տիրանայ։ Այդ
ատճառով ալ իր
կաթողիկոսութեան
շրջանին
կ՚անուանուի
Աջատար։ Սիսի
աթոռը հինգ
տարի
խափանուած
մնալէ վերջ,
Կիլիկեցիները,
հիմնուելով
Կիրակոսի
գահընկէցութեան,
Գրիգորի
կաթողիկոս
հռչակման, Զաքարիայի
Էջմիածնի հետ
յարաբերութիւնները
խզելուն եւ
նկատի
առնելով թէ
կարգ մը
եպիսկոպոսներ
այս երեքն ալ
կը ճանչնան
որպէս կաթողիկոս, 1446 թուին,
կաթողիկոս կը
հռչակեն
Կարապետ
Եւդոկիացի
եպիսկոպոսը։ Կարապետ
(1446-1447), 1447 թուին
Եգիպտոս
կ՚երթայ ու
սուլթանէն կը
ստանայ իր
կաթողիկոսութեան
վաւերացումը։
Այսպէսով կը
սկսի
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւնը։ Գրիգոր
Ժ.
Ջալալբէկեանցը,
1448-ին,
աթոռակից
կ՚օծէ
Արիստակէս
եպիսկոպոսը, որ
Գրիգորի
մահէն վերջ
կաթողիկոս
կ՚ըլլայ՝ Արիստակէս
Բ. Աթոռակալ (1465-1469) եւ 1462-ին ալ՝
Սարգիս
եպիսկոպոսը։
Զաքարիային
յաջորդ
Ստեփանոս Դ.
Աղթամարցին (1464-1489) ալ,
Ջալալբէկեանցի
մահէն վերջ,
կարճ շրջանի մը
համար (1467-1468) կը
գրաւէ
Էջմիածնի
աթոռը։ Սարգիս
Բ. Աջատար (1469-1474), 1470 թուին,
իրեն
աթոռակից
կ՚օծէ
Յովհաննէս
անուն
եպիսկոպոս մը
(Յովհաննէս
Աջակիր)։ Յովհաննէս
Է. Աջակիր (1474-1484)
կաթողիկոսի
օրով
Լուսաւորչի
աջը, Վրթանէս
Օծոպեցի
եպիսկոպոսի
ջանքերով,1477
թուին,
Աղթամարէն
Էջմիածին կը
բերուի։ Այս պատճառով
ալ
Յովհաննէս
կ՚անուանուի
Աջակիր։ Յովհաննէս
իրեն
աթոռակից կ՚օծէ
Սարգիս
եպիսկոպոսը
(Սարգիս Գ.
Միւսայլ, 1484-1515), որ իր
կարգին իրեն
աթոռակից
կ՚օծէ
Արիստակէս (1486),
Թադէոս (1499),
Զաքարիա (1502), Եղիշէ (1504) եւ
Ներսէս (1506)
եպիսկոպոսները։ Զաքարիա
Բ.
Վաղարշապատեցի
(1515-1520), 1515 թուին
իրեն
աթոռակից
կ՚օծէ
Վրաստանի
առաջնորդ
Սարգիս
եպիսկոպոսը։ Գրիգոր
ԺԱ.
Բիւզանդացի (1536-1545), որ Կ.
Պոլսոյ
պատրիարք ալ
եղած է (1526-1536), 1541 թուին
աթոռակից
կ՚ընտրէ Կ.
Պոլսէն եկած
Ստեփանոս
եպիսկոպոսը։ Ստեփանոս
Ե. Սալմաստեցի
(1545-1567),
Պարսկաստան
ծնած, Կ. Պոլիս
մեծցած, իր
կաթողիկոսութեան
սկիզբը
աթոռակից
կ՚ընտրէ
Միքայէլ
Սեբասացին եւ 1557-ին ալ՝
Բարսեղ եւ
Գրիգոր
եպիսկոպոսները,
երկուքն ալ
Վաղարշապատի
շրջանէն։ Միքայէլ
Ա. Սեբասացի (1567-1576) գահ
բարձրանալէ
անմիջապէս
վերջ Բարսեղ կը
վախճանի, որով
Միքայէլ,
Գրիգորի կողքին,
աթոռակից
կ՚անուանէ
Ստեփանոս
Առնջեցին, որ
Միքայէլէն
առաջ կը
մահանայ։ Գրիգոր
ԺԲ.
Վաղարշապատեցի
(1576-1590),
իրեն
աթոռակից
կ՚ընտրէ
Թադէոս եւ
Առաքել եպիսկոպոսները
(1576)։
Թադէոսի
մահէն վերջ (1584),
աթոռակից
կ՚ըլլայ
Դաւիթ
փակակալ
(լուսարարապետ),
Վաղարշապատի
շրջանէն։ Դաւիթ
Դ.
Վաղարշապատեցի(1590-1629), 1593-ին
աթոռակից
կ՚ընէ
Մելքիսեդեկ
Գառնեցի եպիսկոպոսը։
Սրապիոն
Ուռհայեցի,
Ամիդի՝ Տիարպէքիրի
եպիսկոպոս,
Ջուղայեցիներու
փափաքով, 1603 թուին,
աթոռակից
կ՚օծուի եւ կը
կոչուի Գրիգոր
Սրապիոն։ Ան 1605
թուականին
կը
վերադառնայ
Ամիդ՝ որպէս
առաջնորդ եւ
1606 թուին
ալ հոն կը
կնքէ իր
մահկանացուն։
Աւետիս
մըն ալ կը
յիշուի, գուցէ
Սրապիոնի Էջմիածինէն
հեռանալէն
վերջ, որպէս
անոր յաջորդ։
Աթոռակից
Մելքիսեդեկ
իր աթոռակցի
իրաւունքը, 1623
թուին,
կը փոխանցէ իր
եղբօրորդի
Սահակ Գառնեցիին
եւ
Էջմիածինէն
կը հեռանայ։
Մովսէս Տաթեւացի,
քաջ քարոզիչ
մը եւ
վանահայր, 1627
թուին,
Պաղտատի մէջ
Շահ Ապպասէ (1585-1629) կը
ստանայ Ս.
Էջմիածնի
լուսարարապետութեան
պաշտօնը։
Էջմիածնի մէջ
կաթողիկոսի
չգոյութեան
պատճառով,
(Դաւիթ՝
ծերացած եւ
Ասպահան քաշուած,
Սահակ՝
տուրքերը
վճարելու
անկարող 1627-ին Վան
փախած)
Տաթեւացին
անպաշօն
կերպով կը վարէ
կաթողիկոսական
գործերը։ Մովսէս
Գ. Տաթեւացի (1629-1632),
ժողովուրդի
փափաքով եւ
Շահ Սէֆիի (1629-1642)
հրովարտակով, 1629
թուին
կաթողիկոս
կ՚օծուի։ Վան
ապաստանած Սահակ
Գառնեցի
Օսմանեան
սուլթան
Մուրա Դ.-էն (1622-1639)
ստացած
հրովարտակով (1630)
կ՚ուզէ Գլակի
Ս. Կարապետին
մէջ չորրորչ
աթոռ մը
հաստատել,
սակայն
ժողովուրդի
ցոյց տուած ընդդիմութեամբ
կը ձախողի։ Մովսէս
Գ. Տաթեւացին
վերջ կուտայ
աթոռակից մը
օծելու
սովորութեան,
որու շնորհիւ
թէեւ աթոռի
շարունակականութիւնը
ապահոուած էր,
սակայն
կ՚ըլլար
աթոռակալ
կաթողիկոսի
կամքով եւ ոչ
թէ
հոգեւորականներէ
ու
աշխարհականներէ
գումարուած
ժողովի
որոշումով։ Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսի օրով (1655-1680), Եղիազար Այնթապցի, Բերիոյ (Հալէպ) մէջ, 1664 թուին Սիսի Խաչատուր Գ. կաթողիկոսէն (1657-1674) կաթողիկոս կ՚օծուի Երուսաղէմը ընտրելով որպէս աթոռանիս վայր, սակայն չի կրնար Երուսաղէմ մտնել եւ թափառական կը շրջի Եգիպտոս, Դամասկոս, Անտիոք, Բերիա։ Օսմանեան եպարքոսէն ստացած հրովարտակով Եղիազար, 1666 թուին, Երուսաղէմ կուգայ որպէս կաթողիկոս եւ պատրիարք Երուսաղէմի։ Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոս, Կ. Պոլսոյ մէջ պետական հրովարտակով վերջ կուտայ Եղիազարի պատրիարքութեան եւ կաթողիկոսութեան ու Մարտիրոս Ղրիմեցին կը նշանակէ պատրիարք։ Եղիազար, կաշառքի ուժով, 1671 թուին Երուսաղէմ կը վերադառնայ ու տասը տարի կը պաշտօնավարէ։ Այս հակաթոռը վերջ կը գտնէ Յակոբի մահէն վերջ Եղիազարի, 1681 թուին, Էջմիածնի կաթողիկոս ընտրութեամբը։ Եղիազար Ա. Այնթապցի 1682-ին Էջմիածին կը հասնի ու մինչեւ իր մահը (1691) կը պաշտօնավարէ։ Նահապետ
Ա. Եդեսացիի
օրով (1691-1705),
Ստեփանոս
Ջուղայեցի,
Պարսկաստանի
Հայոց արքեպիսկոպոսը,
տասը ամիսով (1695-1696)
Էջմիածնայ
աթոռը կը
գրաւէ։ Աղեքսանդր Բ. Բիւզանդացի կաթողիկոսի (1753-1755) մահէն վերջ, Կ. Պոլսոյ մէջ կաթողիկոս կ՚ընտրուի Զմիւռնիոյ (Իզմիր) առաջնորդ Սահակ Ահագին։ Ան պաշտօնապէս յանձնառու կ՚ըլլայ որպէս կաթողիկոս ճանչցուիլ, սակայն ոչ կաթողիկոսական պաշտօն կը վարէ եւ ոչ ալ օծում կ՚ընդունի։ 1759 թուականին, Կ. Պոլսոյ մէջ դարձեալ ժողով կը գումարուի եւ Սահակի ընտրութիւնը չեղեալ կը նկատուի։ Կաթողիկոս կ՚ընտրուի Յակոբ Ե. Շամախեցի (1759-1763), որ Էջմիածնի մէջ որպէս տեղակալ արդէն կաթողիկոսութեան գործերը կը կատարէր։ Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութիւնը 1441 թուականին
Էջմիածին
վերադառնալէ
վերջ, աթոռը
մնացած է Ս.
էջմիածնի
վանքին մէջ եւ
Ստեփանոս
Ջուղայեցիի
օրով վերջ
գտած է
հակաթոռներու
շրջանը։ Թորոնթօ
Արմէն Քիւրքճեան ![]() Աղբիւրներ -------------- Ազգապատում-
Մաղաքիա Արք.
Օրմանեան, Բ.
տպագրութիւն,
Պէյրութ, 1959 Կիլիկիայի
Հայկական
Պետութեան եւ
Իրաւունքի
Պատմութիւն- Ա.Գ.
Սուքիասեան, Երեւանի
Համալսարանի
Հրատարակչութիւն,
Երեւան, 1978 Հայ
Եկեղեցու
Պատմութիւն-Դկ.
Եզնիկ Քհնյ.
Պետրոսեան, Ս.
Էջմիածին, 1990 Հայ
Ժողովուրդի
Պատմութիւն-Հ.Գ.
Ժամկոչեան,
Ա.Գ.
Աբրահամեան,
Ս.Տ. Մելիք-Բախշեան Ս.Պ.
Պօղոսեան, Երեւանի
Համալսարանի
Հրատարակչութիւն,
Երեւան, 1975 Հայոց
Եկեղեցին-
Մաղաքիա Արք.
Օրմանեան, Դ. տպագրութիւն,
Պուէնոս
Այրէս, 1949 Պատմութիւն
Կաթողիկոսաց
Կիլիկիոյ-
Բաբգէն Ա.
Կիւլէսէրեան
Աթոռակից
Կաթողիկոս Բ. հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1990 |
|
| ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ |
|
For Unicode Armenian language support please visit www.armunicode.org. | |