Վանքը, հին օրերէն մնացած երկու խոշոր չախմախլի հրացաններ ունէր։ Այդ հրացանները ներկայ մահկանացուներս չէինք կրնար գործածել, զանոնք մաքրել եւ իւղել տուի։ Երբ ամէն օր իրիկուան ժամը մէկը կ'ըլլար կրակել կուտայի քաջալերելու համար թէ տղայքը եւ թէ դաշտի Հայ ժողովուրդը։ Այս հրացաններուն ձայնը թնդանօթի ձայնէն պակաս չէր։
Շաբաթ, Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերը դարձեալ մեզի պատեհութիւն տրուեցաւ որ վանքէն դուրս գանք եւ հեռանանք, բայց մենք դարձեալ հոն էինք մեր նպատակին աւելի փարած։
Չորեքշաբթի Նոյ. 7ի կէսօրէն վերջ ժամը 7 էր։ Վանքին հովիւները լուր բերին թէ երեք տարբեր տեղերէ թուրք կանոնաւոր հազարաւոր զինուորներ դէպի վանք կը յառաջանան։ Մենք մեր տեղէն այդ զինուորներուն գալը չէինք տեսներ, որովհետեւ լեռները արգելք էին մեզի։ Ճիշտ այս ատեն էր որ վանքին կարաւանը Բէրդակէն դէպի վանք կուգար ալիւրով բեռնաւորուած։ Հազիւ կրցանք զանոնք ներս առնել կովերուն հետ եւ դռները փակել։ Զինուորներուս մէկ մասը տակաւին անտեղեակ էր մեր նպատակէն, ուստի երբ անոնք տեսան թուրք զինուորները պոռացին. «Փաշա՛, փաշա ելիր որ ետեւի լերան վրայ դիրք բռնենք»։
«Առաջքէն եկողին մի՛ նայիք, նայեցէք ետեւը, Ծիրին կատարը, տեսէք ի՜նչ մեծ բազմութիւն լեցուած է հոն։ Անոնք կ'ուզեն որ մենք դուրս գանք, մենք հոս պիտի կռուինք եւ հոս պիտի մեռնինք»։
Երկու հարիւր քայլի վրայ թուրք զինուորներու ֆէսերը սկսան երեւիլ։ Այս զինուորները դէպի մեզ կը քալէին, վարանոտ եւ երկիւղած։ Երբ տեսան թէ մեր կողմէն կրակ չի բացուիր՝ սկսան շրջիլ հոս ու հոն։ Հայութենէ իսլամ կրօնը ընդունած հայ մը որ Մահմէտ էֆ. կը կոչուէր, պոռաց.
«Մէ՛հէ՛ Աղա՛»։
Մէհէ Աղան յայտնի Մէ՛հէ՛ չավուշն էր որ քսան զինուորներու հետ Մահմէտ էֆ.ին ընկերացած յառաջ սկսան գալ։ Երբ վանքի մեծ դռան մօտեցան, միւս զինուորներն ալ հետեւեցան անոնց եւ եկան կեցան վանքի գոմին մէջտեղ գտնուած մեծ կալը։
Այդ ատեն Մահմէտ էֆէնտին սկսաւ պոռալ.
«Վարպե՛տ, վարպե՛տ, ես հայութենէ իսլամ դարձած Մահմէտ էֆէնտին եմ, քովինս ալ Մէ՛հէ՛ չավուշն է, ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղած է որ վանքին դռները փակած էք»։
Երբ Մէ՛հէ՛ չավուշին հոն կենալը լսեցին վանքի Միաբանութիւնը եւ որբերը, ըսին.«Փաշա՛ դաժան եւ արիւնարբու Մէհէ՛ն է, Մէհէ՛ն է»։
Մէհէ՛ չավուշ Հայ ժողովուրդի գլխին պատուհաս մը եղած էր, ես լսած էի անոր անգթութիւններուն շուրջ, երբ անոր հոն կենալը գիտցայ, իսկոյն արիւնը գլուխս խուժեց։ Կանչեցի Գէորգը, Վաղարշակը եւ Հաճին ու ըսի. «Երբ զանգակին ձայնը լսէք իսկոյն կրակեցէք, մեր կրակի ձայները Յարութիւնն ալ կը լսէ եւ զգոյշ կ'ըլլայ»։
Դարձեալ Հաճի Յակոբ եւ Գէորգ վիզս փաթթուեցան եւ ըսին թէ Յարութիւնը դուրսն է, թէ թող նախայարձակը մենք չըլլանք աւելի գրգռելու Թուրք կառավարութիւնը մեր վրայ թնդանօթներ բերելու»։
«Ես թնդանօթներուն եւ բոլոր դժուարութիւներուն մասին
նախապէս խօսեցայ ձեզի, հոս լեռնային թնդանօթ միայն պիտի կրնան բերել եւ այն ալ մեզի պիտի չտայ այն վնասը զոր իրենք կը խորհին հասցնել մեզ»։
Դարձեալ տեղի տուի անոնց խնդրանքին հետեւելով դուրսի անցուդարձերուն։
Վարժապետը կեցած էր դռան ետեւ։ Ես կը խօսէի ցած ձայնով վարժապետին եւ ան ալ բարձր ձայնով մը կը պատասխանէր Մահմէտ էֆէնտիին։
«Այս ի՞նչ զինուորներ են, այս ի՞նչ սպառնալիքներ են, հոս օտար մարդ չկայ, բոլոր որբերը վախէն հիւանդացեր են»։
Այս խօսքերուն վրայ Մէհէ եւ Մահմէտ էֆ. իրենց հետ գտնուած զինուորները առած ետ դարձան դէպի գոմին ետեւ Իշխանաց Աղբիւրը եւ Աստուածածնի Աշտարակը։
Թուրք զինուորները իրենց դիրքերուն ետեւ քաշուեցան իսկ Մէհէ՛ եւ իր ընկեր զինուորները Աստուածածնի մատուռին պատը ծակեցին եւ ներս մտան։
Մեր թշնամին շուարեցնելու եւ մեր ուժերուն մասին որոշ գաղափար մը չտալու համար իւրաքանչիւր զինուորի համար երեք տարբեր դիրքեր շինած էինք։ Պէտք էր որ անոնք մէկ դիրքէն զարնէին եւ միւսին անցնէին, ընդդիմադրի մեծ ուժի մը գաղափարը տալու։
Այդ տարին տակաւին մենք ռուսական մօսին չունէինք, 1877ին գործածուած ռուսական պէրտանգանիներ էին մեր զինուորներուն ձեռքը գտնուածները, միակ իմս մօսին մաւզէր էր։