1901 Նոյ. 3ի Շաբաթ օրն էր։ Մենք մեր առաջին գործը ըրինք Մուշէն ռազմանիւթ եւ դաշտէն ալ տղայքներ բերել տալ եւ վանքի պատերուն տակ արհեստական պատնէշներ եւ դիրքեր շինել։ Կէսօրը հազիւ անցած էր երբ մէկէն փողի (պօռօզանի) մը ձայնը լսելի եղաւ։ Երբ փողին ձայնը կտրեցաւ, իսկոյն տասնեւվեց զինուորներ երեւցան։ Երբ բաւական մօտեցան տեսանք թէ հարիւրապետ մը ձին հեծած՝ կանոնաւոր զինուորներու հետ դէպի վանք կը յառաջանար։ Այս որ տեսայ իսկոյն պոռացի. «Գէորգ, Վաղարշակ, Հաճի, վանքին դռները փակեցէք, կղպեցէք եւ բանալիները ինծի բերէք,պէտք եղած տեղերը պահապաններ դրէք եւ դիրքերուն լաւ հսկեցէք»։
Երբ թրքական այս փոքր խումբը դէպի վանքին մեծ դուռը կը յառաջանար, Հաւատորիկ գիւղէն փողի ուրիշ ձայն մը կը հնչէր, ուրիշ մըն ալ Բերդակէն անոնց նշան կուտար եւ կը պատասխանէր փողի ձայնին։
Միամիտ երեւոյթով, սակայն կասկածոտ եւ իբր թէ անտարբեր փողերու ձայներէն վանքի մեծ դրան առջեւ հասան։ Երբ վանքին երկփեղկանի մեծ դուռը փակ գտան խումբին մէջէն մէկը սկսաւ բարձրաձայն պոռալ։
«Վարպե՛տ, վարպե՛տ, զարմանք, ինչո՞ւ վանքին դռները փակած էք»։
«Վարպե՛տ, մտիկ ըրէ ինծի, ինչ որ քեզի ըսեմ այն պէտք է խօսիս, ուրիշ ոչինչ, հասկցա՞ր»։
«Այո՛ փաշա, հասկցայ»։
«Անցեալ օր երեսուն հատ զինուած ոստիկաններ եւ Քիւրտեր եկան, հրացանաձգութիւն ըրին, որբերը վախցան, ուստի այդ օրէն ի վեր Մուշի Առաջնորդէն հրաման եղաւ որ ոեւէ զինուած մարդու առջեւ դռները չբանանք»։
«Հա՛, այդպէ՞ս է, մենք ալ թագաւորին զաւակներն ենք, որբերն ալ, մենք Քիւրտ չենք, մեր հարիւրապետը վանք եկած է եւ կը փափաքի վանքը պտըտիլ»։
«Այո՛, շատ կը ցաւինք, բայց հրամանը այդպէս է, մենք զինուած մարդու առջեւ դռները չենք կրնար բանալ»։
«Կարելի՞ է կարպետ մը տալ մեզի, մեր հարիւրապետին համար»։
«Նետեցէք կարպետ մը, ըսի»։ Կարպետը գետինը փռեցին եւ հարիւրապետը վրան նստաւ։ Փսփսուք մը ինկաւ մէջերնին։ Այս ատեն հրամայեցի որ վանքին փոքր դուռը բանան եւ ձգեն որ հարիւրապետը եւ տասնեւվեց զինուորները անարգել ներս մտնեն։ Երբ անոնք ներս մտնեն իսկոյն օդին մէջ կրակելով անոնց հրացանները կը գրաւենք։ Այս դէպքերը վայրկենական կերպով կուգային մեր մտքին մէջ եւ կայծակի արագութեամբ կը հասնէին իրարու, իմ, Վաղարշակին, Հաճի Յակոբին եւ Գէորգին մէջ։ Գէորգ եւ Հաճի Յակոբ առարկեցին թէ Յարութիւնը դուրսն է իր ընկերներուն հետ։ Չուզեցի անոնց սիրտը կոտրել, ուստի համակերպեցայ։
Քառորդ ժամ նստելէ վերջ թուրք զինուորները եւ հարիւրապետը մեկնեցան։ Երբ Աստուածածնի Աշտարակին 100 քայլ մօտեցած էին՝ թրքական փողերը դարձեալ սկսան հնչել, արձագանգելով վանքի պատերուն եւ լեռներուն։ Այս փողի ձայներուն պատասխանեցին Բերդակի, Արախի եւ Հաւատորիկի մէջ նստած թուրք զինուորներու փողերը։
Նոյ. 4ի Կիրակի օրն էր։ Այլեւս բացարձակապէս Թուրք կառավարութեան յայտնի էր որ մենք վանքին մէջ էինք։ Կառավարութիւնը նոր դժուարութիւններու եւ նոր խօսքերու տեղի չտալու համար աչք կը գոցէր որ մենք ելլէինք եւ հեռանայինք, բայց մենք հոն էինք մեր ուխտին ու մեր որոշումին փարած, քանզի մեր աչքերռւն առջեւ կը տեսնէինք չարչրկուած ժողովուրդին տխուր պատկերը արցունքով եւ արիւնով շաղուած։