ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ԹՈՒՐՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Նոյմ. 22ի կէսօրն էր։ Երկու կողմէն դադրած էին հռացանաձգութիւնները։ Այն հայ կինը որ քանի մը օրեր առաջ նամակ մը բերած եւ իր պատասխանը առած գացած էր, դարձեալ երեւցաւ իր ձեռքերը օդին մէջ բարձրացուցած։ Այս կնոջ կ'ընկերանար վանքին վանահայր Յովհ. Վարդապետը։ Մուշէն կուգային անոնք, իրենց հետ նամակ մը բերելով։ Վանահայրը եւ կինը վանքի դրան առջեւ հասան։ Դողդոջ ձայնով մը վանահայրը ըսաւ. «Աստուած օրհնէ, Աստուած օրհնէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր վիճակը չորս կողմ արիւններ թափուած էր։ Աստուածածնի մատուռին գետինը արիւնով ծածկուած էր։ Թուրք սպաննուածներն ու վիրաւորները գիշերով Մուշ կը բերուին յուսալքում չպատճառելու թուրք ժողովուրդին»։
«Հայր սբ. ինծի ըսէ թէ թուրք զինուորը ամենէն շատ ո՞ր կողմը կեդրոնացած է եւ այդ զօրքերուն հրամանատարին վրանը ո՞ր կողմն Է»։
«Փաշա՛, ամէն կողմերդ զօրքերով լեցուն Է։ Լսածիս նայելով հրամանատարին վրանը Խեւ Յովհաննու Քարերն են։ Աստուած օրհնէ ձեզ, կարդացէք այդ նամակը եւ պատասխանեցէք։ Սուլթան Համիտէն իրատէ (հրաման) ելած է որ Մուշի քաղաքապետը, Խոսրով Վրդ. Պէհրիկեանը, Մուղտատ էֆ.ին եւ Քոմիսար Մուհամմէտ էֆէնտին գան եւ լսեն ձեզ եւ իմացնեն Վերին Մարմիններուն ձեր պահանջքները»։
«Հա՛, ես ուզէցի որ Պիթլիսի կուսակալը, Ֆէրիք եւ Ալի փաշաները գան անոնց հրաման եղած է»։
Նամակին պատասխանեցինք թէ թող գան։ Յովհ. վարդապետը եւ կինը մեր նամակը ստանալով հեռացան վանքէն։
Այն օրը որ մենք իրենց նամակին պատասխանեցինք թէ թող գան, իսկոյն վանքին Առաջնորդարանը մաքրեցինք եւ մոմերուն դատարկ քառասուն սնտուկները բերինք եւ Առաջնորդարանին մէջ իրարու վրայ շարեցինք՝ վրայի չորս հինգ սնտուկները միայն փամփուշտներով լեցնելով։ Փամփուշտի այդ սնտուկներուն քով ցիրուցան ձգեցինք փամփուշտ լեցնող գործիքները, անգլիական եւ տեղական վառօդներուն տոպրակները եւ սնտուկները։ Մենք զմեզ պատրաստեցինք ընդունելու մեր «բարեկամները» որոնք պիտի գային մեզ մօտ լսելու մեր պահանջները…։
Նոյ. 23ի օրը ժամը 6.30ին (ը. թ.) թրքական փողերը դարձեալ հնչեցին։ Քանի մը վայրկեան վերջ մէկ քանի անզէն մարդիկներ երեւցան։ Անոնք դէպի մեզ քալել սկսան։ Երբ մեզի մօտեցան, տեսանք թէ Մուշի Առաջնորդ Խոսրով Վարդապետ Պէհրիկեան, Մուղտատ էֆ.ին, Մուհամմէտ Եֆ.ին եւ վանահայրը Յովհ. Վարդապետն էին։
Աչքի զարնող ինը տղաքները իսկոյն իրենց դիրքերուն վրայ պահապան դրի եւ մնացած զինուորներն ալ պահեցի որ անոնք չտեսնեն մեր զինուորին խեղճ հագուստը եւ իրազեկ ըլլան մեր ուժին եւ քանակին։
Երբ խումբը Աստուածածնի մատուռին առջեւ հասաւ՝ հոն կեցան եւ սկսան մէկ քանի վայրկեան թուրք զինուորին հետ խօսիլ։ Երբ դրան առջեւ հասան իսկոյն Վաղարշակն ու Բարսեղը ղրկեցի որ վանքին փոքր դուռը բանան եւ հիւրասիրեն դէպի Առաջնորդարան։ Տասը վայրկեանի չափ Վաղարշակին եւ Բարսեղին հետ խօսքի բռնուեցան քանզի կը վախնային ներս մտնել։ Իսկոյն վերէն պոռացի. «Կամ ներս թող գան, եւ կամ հեռանան. թէ ոչ մենք զարնել ուզէինք, արդէն զարկած էինք հեռաւորութեան վրայ։ Պէտք է գիտնան թէ երբ մենք խօսք կուտանք, ամէն գնով մենք մեր խօսքերը կը յարգենք»։
Ներս եկան եւ հիւրասիրուեցան Առաջնորդարան։
«Բարեւ ձեզ»։
«Բարի տեսանք»։
Սկսան իրենք զիրենք ծանօթացնել, Մուղտատ էֆ., Մահմէտ էֆ.ին, Առաջնորդը եւ Վանահայրը։
«Նստեցէ՛ք, նստեցէ՛ք», ըսի։
Մուղտատ էֆէնտին վախէն կը դողար։ Երբ Մուղտատի այդ վիճակը տեսայ՝ ըսի.«Կատարեալ կերպով դուք զձեզ ապահով զգացէք եւ մի՛ վրդովիք երբեք»։
Խոսրով Վարդապետ իր աջը երկարեց ինծի եւ ըսաւ.
«Համբուրէ, զաւակս, համբուրէ»։
«Մտածելիք ունիմ, պէ՞տք է համբուրեմ՝ թէ ոչ»։
«Աստուած օրհնէ, համբուրէ՛, համբուրէ՛»։
Համբուրեցի աջը։ Վանահայրը եւ Պէհրիկեանը դիտմամբ իրարու հետ կը շփոթէի անոնց անունները տալու ատենս։ Ես այդպէս կ'ընէի որ Յովհ. Վարդապետը որեւէ պատասխանատուութենէ ազատ պահեմ։ Վանահայր Յովհ. Վարդապետը երկար շատ երկար տարիներէ ի վեր կը ճանչնայի եւ վայելած էի շատ անգամներ անոր հիւրասիրութիւնը եւ բարեկամութիւնը։
Հայութենէ դարձած Մուհամմէտ էֆէնտին սխալներս կը շտկէր քմծիծաղով մը՝ երբ Յովհաննէսին Խոսրով եւ Խոսրովին Յովհաննէս կ'ըսէի։ Մեր խօսակցութիւնը սկսաւ եւ ես այսպէս խօսեցայ։
«Կը փափաքէի որ Ալի էւ Ֆէրիք փաշաները հոս ըլլային Պիթլիսի կուսակալին հետ, բայց քանի որ Սուլթան Համիտը ձեզ նշանակած է գալ եւ դուք եկած էք, լաւ.....»
Այս ատեն էր որ Մուղտատ էֆէնտին խօսքս ընդմիջելով դողդոջ ձայնով մը ըսաւ.
«Փաշա՛, վանքը (թէ՛քէ՛ն) թող վկայ ըլլայ, ոչ մէկ բառ աւելի, ոչ պակաս պիտի ըսեմ։ Պիտի խօսիմ ինչ որ ըսէք մեզի»։
Մենք մեր կռնակները մոմերու դատարկ սնտուկներուն տուած էինք։ Իմ ձախ կողմս նստած էր «Գէորգ Զաուշը», անոր ձախ կողմը Հաճի Յակոբը. դուռը կեցած էր Վաղարշակը, իսկ լաւ զինուորներէն մաս մը դիրքերուն վրայ կեցած՝ կը հսկէին դուրսի անցուդարձերը։
Մուղտատ էֆէնտին դողդոջուն ձեռքով մատիտ մը բռնած սկսաւ նօթագրել կտոր մը թղթի վրայ ինչ որ ըսի։ Մեր պահանջները հետեւեալներն էին։
1.- Պօլիսէն մինչեւ հոս քաղաքական բոլոր հայ յանցաւորներու ներում։
2. - Իւրաքանչիւր գիւղէ հաւաքուելիք տասանորդը պէտք է գիւղացին ինք հաւաքէ եւ յանձնէ կառավարութեան՝ իրեն հետ ունենալով բարեխիղճ պաշտօնեայ մը միայն։
3.- Այն Քիւրտերը որոնք միշտ յարձակում գործեր են հայ գիւղերուն վրայ, զինաթափ ընել ել կամ պաշտպանել այդ գիւղերը։
4. - Այն բոլոր հայ գիւղերը որոնք գրաւուած են Քիւրտերէն, վերադարձուին Հայերուն։
5. - Այն բոլոր քիւրտ ցեղապետները որոնք կառավարութեան հետ հայ գիւղերէն տուրք կ'առնեն, անոնց ջնջումը։ Կառավարութեան մէջ կառավարութիւն չըլլար։
6. - Դուք յեղաբոխականներս աւազակներ կոչած էք։ Աւազակները պէտք է կառավարութիւնը ինք իր մէջ փնտռէ, որոնք ահագին զեղծումներ կը գործեն եւ կաշառքներ կ'առնեն։ Երկար տարիներէ ի վեր է որ ես հոս եմ իմ զինուորներուս հետ, գողութիւն մը ըրած չեմ։ Ձեր փօսթան ինծի հանդիպեցաւ, զայն տանող պաշտօնեաները ձգեցին ու բախան, մենք առանց կողոպտելու՝ թողուցինք եւ հեռացանք։ Յաջորդ օր ձեր զինուորները եկան եւ հոն գտան տոպրակները, ձիերն ու ջորիները։ Մենք խաղաղ ժողովուրդին ոչ մէկ օր կամ ոչ մէկ ատեն չարիք պատճառած ենք։ Դուք գիտէք որ շատ անգամ մեզի Քիւրտեր հանդիպած են, մենք զանոնք ոչ սպաննած եւ ոչ ալ անոնց չարիք հասցուցած ենք։ Բայց այն որ մեզի կամ հայ ժողովուրդին դէմ չարիք գործած է, մենք պատժած ենք զայն, ինչպիսին է Պըշարը Խէլիլը։ Պըշարը Խէլիլն էր որ Սերոբ Փաշային գլուխը կտրեց եւ անոր ընկերները սպաննեց իր էշիրէթին եւ Ալի փաշային հետ հայ դաւաճաններու մատնութեամբ։ Կոտորեց Թալւորիկի Սպաղանաց գիւղի 27 կին եւ երեխաներ Տէր Պետրոսի հետ։ Երբ անոնց դիակները Թաղուած էին հայ գիւղացիին կողմէն, 48 ժամ վերջը եկաւ հանեց եւ Ռէիս Մակարին տան մէջ լեցնելով քարիւղ ցանեց եւ վառեց զանոնք, անոնց հետքերը անհետացնելու համար։ Հէթինկ գիւղէն եօթը երիտասարդներ բռնելով կապեց զանոնք անոնց թեւերէն եւ գետը իջեցուց եւ հրացանազարկ ըրաւ բոլորն ալ։ Այս բոլորը կատարուեցան թուրք կառավարութեան թելադրութեամբ։ Թուրք. կառավարութիւնը միացած Խէլիլի հետ՝ այս ոճիրները գործադրեց եւ Սուլթան Համիտ անոր կուրծքը զարդարեց, Ալվարիճ հայ գիւղին տասանորդն ալ անոր ընծայելով։ Ահա այսպիսի հրէշներն էին որոնք պատժուելու տեղ կը վարձատրուէին շքանշաններով եւ ընծաներով։
Ես երեք տեղերու վրայ մարդիկ դրած Խէլիլի ճամբան կտրած էի, եկաւ ու ողջ ողջ ձեռքս անցաւ, հարցաքննութենէ մը վերջ այս խէնչէրովս եւ այս ձեռքովս անոր վիզը կտրեցի։ Ահա Սուլթան Համիտի տուած պատուանշանն ալ։ Խէլիլին գլուխը կտրելէս մինչեւ այսօր անոր հետ գործակցող ընկերներէն տասնեւեօթը հոգին ալ սպաննեցինք։ Կառավարութիւնը փոխանակ ուրախանալու չարագործներուն պատժուիլը տեսնելով, բանտարկեց երեսուն եւ մէկ անմեղ Հայեր, ենթարկելով զանոնք անլուր չարչարանքներու։
7.- Մոկունք գիւղի Շէրիֆին սպանութեան համար տասնեւհինգ անմեղ Հայեր բանտարկեցիք եւ քանի մը օր վերջ ձեր օրհնուած աղը տուիք եւ անոնք մեռան չարաչար մահերով։ Անոնց տրուած թոյնին սաստկութենէն գլուխներուն մազերն իսկ թափեցան։ Դուք առանց խղճահարուելու բանտերուն մէջ լեցուցիք մօտաւորապէս հարիւր եօթանասուն անմեղ հոգիներ եւ տակաւին կ'ըսէք ինծի թէ ի՞նչ է նպատակդ եւ ի՞նչ կ'ուզես։
8.- Սբ. Աղբերիկ վանքի վանահայր Ղազար վարդապետը դուք սպաննել տուիք երկու քիւրտերու ձեռքով, գիշեր ատեն վանքին դուռը բարեկամաբար ափ առնելով։ Այդ երկու քիւրտերն ալ ես սպաննել տուի։
9.- Տ.կերտէն մինչեւ Պարսից սահմանը զինուած 150,000 քիւրտեր կան, ի՞նչ են ասոնք, եւ որո՞ւ դէմ ուղղուած են անոնց զէնքերը։ Անոնք պահուած են միմիայն Հայուն պատուհաս դառնալու։ Եթէ կ'ըսէք թէ արդարութիւն կայ, ո՞ւր է, եւ ինչո՞ւ կը բանտարկուին Հայերը։ Ինչո՞ւ չեն բանտարկուիր քիւրտերը իրենց հրացաններուն համար, ո՞ւր է այդ արդարութիւնը եւ «հայրական գութը»։
10. - Այս ի՞նչ տեսակ պաշտօնէութիւն է որ ամէն տեսակ բռնութիւններ կը բանեցնէ Հայ ժողովուրդին վրայ տուրք հաւաքելու պատրուակին տակ, խլելով անոնցմէ իրենց վերջին հացի կտորը՝ հայ պատիւին հէտ։ Այս վերջինը մեզի համար, անտանելի է։ Դուք երբեք չէք խղճահարուիր ճնշելէ եւ հալածելէ տկար ժողովուրդները եւ թոյլ Քիւրտ էշիրէթներն ալ։
11. - Մարգար վարժապետը կախեցիք, Մուրատն ու Տամատեանը բանտարկեցիք, Սերոբ Փաշան եւ Գուրգէնը սպաննեցիք, եւ հիմա ես եմ որ հոս եմ։ Մենք հարիւրաւոր մղոններ կտրած հոս եկած ենք մեր պատանքները մեր տոպրակներուն մէջ դրած։ Եթէ այս համեստ առաջարկներուս բաւարարութիւն չտրուի, մենք ուժ ունինք վեց ամիս դիմադրելու - աչքերս դարձնելով դէպի մոմի դատարկ սնտուկներուն։ Քանզի թուրք ներկայացուցիչները չէին գիտեր թէ մոմերուն սնտուկները դատարկ էին։ Անոնք այն տպաւորութիւնը ստացան թէ այդ քառասուն սնտուկները լեցուն էին ռազմանիւթերով։ Այս բոլորին բաւարարութիւն տալու համար պէտք է վաւերացուին Սուլթանէն եւ օտար դեսպաններուն կողմէ, այն ատեն ես իմ երկրորդ ըսելիքս կ'ըսեմ։ Եթէ իմ ըսածներս հեռագրէք, քսանեւչորս ժամէն Պոլիս կ'երթայ, երկու օր հոն խորհրդակցելէ վերջ՝ անոնց պատասխանը 13 օրէն փօսթով հոս կը հասնի, իսկ եթէ դուք շինուածք մը ընէք կտոր մը թուղթի վրայ, այդ պիտի մերժուի մեր կողմէն եւ պիտի վերադարձուի ձեզի։
Մեր խօսակցութիւնը տեւեց 7-10.30 ը. թ., երբ մեր խօսքերը լմնցան Մուղտատ էֆէնտին ըսաւ թէ «Փաշա՛, կարելի չէ՞ որ երկու կողմէն զինադադար մը կնքուի մինչեւ մեր պատասխան ստանալը»։ «Յայտնեցէք ձեր զինուորականներուն, եթէ իրենք յարգեն իրենց խոստումները, ես ալ կը յարգեմ, եթէ զարնեն, ես ալ կը զարնեմ»։
Մեր խօսակցութեան միջոցը զինադադար մըն էր ինքնին, թուրք զինուորները ազատ ու անվախ իրենց դիրքերէն դուրս ելած ձիւնին վրալ կը քալէին ու կը ծխէին։
Ժամը 10.30ին «մնաս բարով» ըսելով մեկնեցան։ Երբ դուրս կ'ելլէին յիշեցուցի իրենց այն խոստումը որ նախապէս ըրած էին ինծի խօսելու իրենց բարձրագոյն պաշտօնէութեանց ճիշտ ու ճիշտ ինչ որ ըսինք իրենց։ Այս ատեն էր որ Պէհրիկեան վրդ. հայերէնով դարձաւ եւ ըսաւ, «տղաս այդ պահանջներդ մէկ օրուան, մէկ շաբաթուան եւ մէկ տարուան գործ չեն, այլ տարիներու»։
Երբ մենք թուրք ներկայացուցիչներուն հետ վանքին Առաջնորդարանին մէջ նստած մեր առաջարկները կը ներկայացնէինք, ինքնին զինադադար մըն էր։ Այդ պատեհութենէն օգտուելով Ռուսիոյ հիւպատոսը եկած եւ լուսանկարած էր թուրքերուն դիրքերը եւ պատնէշները Առաքելոց վանքին հետ։
Խէլիլի սպանութեան պատմութիւնը մասնաւոր նպատակաւ պատմեցի թուրք ներկայացուցիչներուն, քանզի կառավարութիւնը 31 Հայեր բանտարկելով ծեծի եւ չարչարանքի ենթարկած էր պատրուակելով թէ այս նոր բանտարկուածները մասնակից եւ պատասխանատու են Խէլիլի սպանութեան։ Այս պատմութիւնը դիտմամբ պատմեցի տպաւորելու անոնց մտքերուն մէջ թէ ես իմ զինուորներուս հետ կատարած ենք Խէլիլի սպանութիւնը եւ պատասխանատուն մենք ենք եւ ոչ թէ կարգ մը անմեղ Հայեր։ Պատմութիւնս ակնկալուած արդիւնքը իսկոյն բերաւ։ Երեք օր վերջը այդ 31 անձերուն հեռագրով ներում եկաւ Կ. Պոլսէն։