«ԵՐԱԶԱՅԻՆ»
ՊՈԼԻՍԸ
(«ԱՀԱՒՈՐ
ԴԷՊՔ»Ի ՄԸ
50ԱՄԵԱԿԻՆ
ԱՌԻԹՈՎ)
Յունիս
2005։
Խորհրդաժողովի
մը
մասնակցելու
համար կը
գտնուինք
Պոլիս։
Պանդոկի
սենեակիս պատշգամէն
կը դիտեմ
դիմացս
պարզուած
համայնապատկերը։
Իր փառքով եւ
հանդիսաւորութեամբ
Թաքսիմի
հրապարակը
գրաւած է
տեսադաշտս։
Ծաղիկներով
եւ
կանաչութեամբ
պատուած հրապարակին
կեդրոնը կը
գտնուի
Աթաթիւրքի արձանը.
անդին կը
ծածանի
թրքական
դրօշակը։ Հրապարակէն
ճիւղաւորուող
հինգ մայր
պողոտաները
կենսունակութեամբ
եւ եռանդով
կ՚եռան։ Շրջանը
խճողողները,
ըլլան անոնք
տեղացիներ թէ
զբօսաշրջիկներ,
գրեթէ ոչինչ
գիտեն 50 տարի
առաջ այս
հրապարակին
եւ անկէ
ճիւղաւորուող
փողոցներուն
վրայ սփռուած
մահէն եւ
աւերէն։
Թուրքիոյ
պատմութիւնը
արատաւորող
բազմաթիւ
ոճիրներուն եւ
բռնարարքներուն
նման, 1955ին,
Սեպտեմբեր 6էն
7 լուսցող
գիշերը տեղի
ունեցած
ջարդերը,
սրբապղծումները,
քանդումները
եւ
բռնաբարութիւնները
նետուած են
յիշողութեան
աղբամանին
մէջ։ Միակ
յիշողները
Թուրքիոյ
քրիստոնեայ
փոքրամասնութիւններն
են, յատկապէս՝
յոյները, որոնք
օրին
ճաշակեցին
թուրք
ամբոխին
մատակարարած
արհաւիրքը։
Արդարեւ, 50
տարի առաջ,
Սեպտեմբեր 6ի
յետմիջօրէին,
ամէն բան
խաղաղ կը
թուէր ըլլալ
Թաքսիմի
հրապարակին
վրայ։ Միայն
խումբ մը
թուրք ուսանողներ
հաւաքուած
էին
հրապարակին
մօտ, Ճիւմհիւրիյէթ
(Բերա)
փողոցին վրայ,
եւ բողոքի ցոյց
մը կը
կատարէին՝
Յունաստանի
դէմ։ Այդ օրերուն,
հակայունական
զգացումներ
հրահրելու նոր
միջոց մը
գտնուած էր՝
Կիպրոսի
հարցը։ Նոյն օրը,
Աթաթիւրքի
ծնած
բնակարանին
մօտ պայթում
մը տեղի
ունեցած էր։
Թրքական
մամուլը անմիջապէս
ամբաստանութեան
մատը ուղղած
էր յոյներուն։
Եւ բացուեցան
գեհենի
դռները։
Թուրք
բողոքողներու
ամբոխը
վերածուեցաւ
հարիւրաւոր
արիւնռուշտ
անձերէ
բաղկացող
խուժանի, որ
յարձակեցաւ
յոյներուն եւ
այլ
փոքրամասնութիւններու
խանութներուն,
բնակարաններուն,
գերեզմանատուներուն
եւ
եկեղեցիներուն
վրայ՝ քանդելով,
աւերելով,
սրբապղծելով
եւ
հրկիզելով։ Բազմաթիւ
յոյն
ուղղափառ
եկեղեցիներ
հրոյ ճարակ
դարձան, քանդուեցան
հազարաւոր
խանութներ եւ
բնակարաններ։
Թուրք
խուժանին
զայրոյթէն
անմասն չմնացին
հայկական
եկեղեցիներ
եւ հայերու
վաճառատուներ։
16 յոյներ զոհ
գացին
բռնարարքներուն։
Անոնց կարգին
էր 90ամեայ
հայր Մանթաս,
որ ողջ-ողջ
հրկիզուեցաւ։
32 ուրիշներ
ծանրօրէն վիրաւորուեցան։
Եւ այս
բոլորին
ընթացքին,
ամբոխը կը
բացագանչէր.
«Քահրօլսուն
կեաւուրլար։
Եըքըն, քըրըն,
կեաւուրտուր»
(Անիծեալ
ըլլան
անհաւատները։
Փլեցէք,
կտրտեցէք,
անհաւատներուն
կը պատկանի)։
Ի տես այս
բոլորին,
ոստիկանութիւնը,
իբրեւ թէ անակնկալի
եկած,
անդամալուծուած
էր։ Աւելի
ուշ,
հարիւրաւորներ
ձերբակալուեցան,
բայց անոնց
մեծ մասը ազատ
արձակուեցաւ։
Բռնարարքները
անգամ մը եւս
դուռը բացին
քրիստոնեաներու
արտագաղթին։
Քանի մը
ժամուան մէջ
հրէշի
վերածուող
մարդոց մօտ
ապրիլը անկարելի
էր, վերջերս
մեզի ըսաւ
նոյն տարին
Պոլիսէն
Միացեալ Նահանգներ
գաղթած յոյն
ընտանիքի մը
զաւակը։
Արեւմուտքը
դարձեալ աչքը
փակեց կամ այլ
կողմ
նայեցաւ։
Գիտէք, Պաղ
պատերազմի
օրերն էին, իսկ
Թուրքիա՝
Խորհրդային
Միութեան
դիմաց ամուր
պատնէշն էր։
Խնդիրը
«անուշի
կապուեցաւ»։
* * *
Այսօր,
Պոլսոյ
փոկրոմէն
ուղիղ 50 տարի ետք,
կը
հրատարակուի
կոթողական
աշխատութիւն մը,
որ գիտական
կուռ
մօտեցումով
լուսարձակի տակ
կ՚առնէ
ամբոխին
գործած
աւերները։
Արդարեւ,
«Կրիքուըրքս»
լոյս
կ՚ընծայէ
յառաջատար բիւզանդագէտ
Սփերոս
Վրիոնիս
Կրտսերի
«Աղէտի մեքանիզմը.
Սեպտեմբեր 6 - 7
1955ի թրքական
փոկրոմը եւ
Պոլսոյ
յունական
համայնքի
կործանումը» գիրքը,
որ 1955ի թրքական
բռնարարքներուն
մասին ցարդ
հրատարակուող
ամէնէն
ամբողջական
ուսումնասիրութիւնն
է։
Փրոֆ. Ռիչըրտ
Յովհաննիսեան
«գլուխ
գործոց» կը նկատէ
Վրիոնիսի այս
ուսումնասիրութիւնն
ու
վերլուծումը,
որ
լուսարձակի տակ
կ՚առնէ
«դիտումնաւոր
կերպով
ստորագնահատուած
եւ նոյնիսկ
մոռացումի
ենթարկուած
ոճիրը»։
Փրոֆ. Միւկէ
Կէօչէք դիտել
կու տայ, թէ
Թուրքիոյ
պետութեան
կողմէ
հրահրուած
այս արարքները
արդի թուրք
պատմութեան
այն դէպքերէն
են, որոնց
յիշողութիւնը
մարդիկ
կ՚ուզեն
թաղել։ Փրոֆ.
Վահագն
Տատրեան 1955ի
բռնարարքները
կը նկատէ «Օսմանեան
կայսրութեան
ցեղային
մաքրագործումի
քաղաքականութեան
շարունակութիւնը»։
Փրոֆ. Թանէր
Աքչամ,
խօսելով նոյն
դէպքերուն մասին,
կ՚ըսէ. «Թուրք
պետութեան
մեղսակցութիւնը
Սեպտեմբեր 6 - 7,
1955ին
քրիստոնեաներու,
եւ յատկապէս
յոյներու դէմ
յարձակումները
կազմակերպելու
մէջ՝ սեղմ
շրջանակներու
ծանօթ է միայն»,
աւելցնելով,
որ Վրիոնիսի
ուսումնասիրութիւնը
կու գայ այդ
շրջանակը
ընդարձակելու։
* * *
Պոլսոյ
մէջ, Թուրքիոյ
ընդդիմադիր
Ճէ. Հէ. Փէ. Կուսակցութեան
երիտասարդական
թեւի ղեկավարներուն
կ՚ըսէի, թէ
լսած եմ
«Թաքսիմ
հրապարակ»ին
մասին, բայց
չեմ յիշեր
ի՛նչ
պարունակի
մէջ։ Անոնք կը
պատասխանէին,
թէ անցեալին
«ցաւալի դէպքեր
պատահած են
հոս» եւ թէ
կառավարութիւնը
անկէ ետք
արգիլած է
Թաքսիմի մէջ
ցոյցեր կատարելը։
Եւ ամէն անգամ
որ «ցաւալի
դէպքեր» կ՚ըսէին,
կը յիշէի միւս
բոլոր «ցաւալի
դէպքերը»,
որոնք
պատահած են
Թուրքիոյ մէջ,
մինչ իրենք,
թուրք
երիտասարդները,
կը խուսափէին
ուղիղ նայելու
մեր աչքերուն
եւ նիւթը կը
փոխէին։
Թուրքիոյ մէջ
տեղի ունեցած
բռնարարքները
բազմաթիւ են,
եւ հետեւաբար
բազմաթիւ են
նաեւ «ամեակները»,
զորս կը նշեն
ճիւաղներու
զոհ գացած ժողովուրդները,
մինչ
թուրքերը
«ցաւալի դէպք» ըսելով
կը
շարունակեն
իրենց
կեանքը։
Կը յիշեմ
պանդոկի
սենեակիս
պատշգամը,
Թաքսիմ
հրապարակը՝
իր փառքով եւ
հանդիսաւորութեամբ,
Աթաթիւրքի
արձանը,
թրքական
դրօշակը եւ կենսունակութեամբ
եւ եռանդով
եռացող մայր
պողոտաները, որոնք
կը
ճիւղաւորուին
հրապարակէն։
Շատերու
համար անոնք
գեղեցկութեան
եւ նոր շունչի
արտայայտութիւններ
են, բայց ես
աղաղակներու
ձայներ կը
լսեմ եւ
հրդեհներու
հոտ կ՚առնեմ
հոն։
50 թէ 90
տարիներու
հեռաւորութենէն,
անցեալի «ցաւալի
դէպքերը» կը
շարունակեն
հալածել
Պոլիսը։
ԽԱՉԻԿ
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ